2011-06-22 12:32:27

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Յայտարարութիւնը << Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Եւ Եկեղեցիներու Իրավիճակը>> նիւթին մասին։


21 - 24 յունիս վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջին արեւելքի եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական մարմիններու - R.O.A.C.O. կոչուած - միութեան 84 համաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Ղպտի Կաթողիկեներու Պատրիարքը՝ Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպ եւ Մարոնիներու Պատրիարքը՝ Մար Պշարա Պութրոս Ալ Րայի։
Անձնական փորձառութենէ մեկնելով երկու պատրիարքները ժողովականներուն կը ներկայացնեն միջին արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ներկայ իրավիճակը ընդգծելով՝ միջին արեւելքի եկեղեցական հաստատութիւններու կարիքները ու այդ ուղղութեամբ կեդրոնացնելու R.O.A.C.O. ի գործունէութիւնը։

Ժողովի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ՝ յատուկ անդրադարձ մը՝ անցեալ հոկտեմբերին ( 2010-ին) Վատիկանի մէջ գումարուած միջին արեւելքի սիւնհոդոսին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի իրավիճակին։

Ժողովին կը մասնակցին 10 երկիրներէ՝ կաթողիկէ 20 գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի առաքելական նուիրակը գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանքօ եւ սուրբ երկրի պահակ Հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլան։

Նիստի ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն պիտի յատնուի R.O.A.C.O յի նախկին քարտուղար գերապայծառ Լէոս Լէմմէնսին, որ 22 տարուայ անխոնջ աշխատանքէ ետք, կը թողու քարտուղարական պաշտօնը, քանի որ ան վերջերս Պրիւքսէլ- Մալին թեմի եպիսկոպոս անուանուած է։

Նիստին բացումը կատարեց Արեւելեան ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Սանտրին, որ իր խօսքին մէջ ի շարս այլ եկեղեցականներուն, յիշեց Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան պատրիարքը, որ 2011-ի սկիզբը կնքած էր իր մահկանացուն։

Արեւելքի եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական մարմիններու միութիւնը հիմնուած է 1968ին նախաձեռնութեամբ Արեւելեան ժողովին։ Անոր մաս կը կազմեն բարեսիրական գործակալութիւնները որոնք կը գործեն միջին արեւելքի եկեղեցիներու ի նպաստ։ Միութեան նախագահն է Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին իսկ փոխ նախագահութիւնը յաձնուած է Արքեպիսկոպոս Շիրիլ Վազիլի։








All the contents on this site are copyrighted ©.